2011-07-08 12:29:06

Գերապայծառ Գալգանօ Նշանակուած Է Նոր Նախագահը Վատիկանի Ստացուածքներու։


Ան կը յաջորդէ Կարտինալ Նիքորկայի, որուն Քահանայապետը յանձնեց պատասխանատուութիւնը հսկելու վատիկանեան ֆինասաւորումներու վրայ։
Գերապայծառ Գալգանիօ մասնագէտ է տնտեսական հարցերու եւ չորս տարիէ կը պաշտօնավարէ որպէս քարտուղար` Առաքելական Աթոռի ստացուածքներու վարչութեան։
Յայտնենք որ (APSA) Առաքելական Աթոռի ստացուածքներու Վարչութիւնը հիմնուած է 1967ին , որուն առաջնահերթ պաշտօնն է մատակարարել Ս. Աթոռի յատուկ ստացուածքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.