2011-07-08 12:13:00

Ալպանօ թեմի եպիսկոպոսին ելոյթը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի արձակուրդի մասին։


Գերապայծառ Մարչելլօ Սեմերարօ` Ալպանօ թեմին առաջնորդը, որուն թեմէն ներս կը գտնուի ՜Գասթել Կանտոլֆոյի քահանայապետական ամարանոցը, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին յայտնեց երախտագիտութիւն եւ ուրախութիւն Գասդել Կանտոլֆօ գտնուելուն համար։ Ալպանօ թեմի առաջնորդը Կղերին` կրօնաւորներուն ու հաւատացեալներուն յղած իր նամակին մէջ կը նշէ << անցեալ 29 յունիսին աղօթեցինք Սրբազան Քահանայապետի դիտաւորութեան ու նա մանաւանդ անոր քահանայութեան 60 ամեակի առթիւ։ Այժմ եւս շարունակենք աղօթել Նորին Սրբութեան համար որպէսզի Աստուած զինք լիացնէ իր օրհնութիւններով եւ հաստատէ զայն իր առաքելական աթոռի վրայ ի սպաս համայն եկեղեցւոյ։ Ընտանեկան ուրախութեամբ է որ կը հիւրնկալենք նորին սրբութիւնը իր ամարնային պալատին մէջ։
Գասթել Կանտոլֆօ ժամանելուն Գերապայծառ Սէմէրարօն անձնապէս ընդունեց նորին սրբութիւնը անոր յայտնելով տեղական հաւատացեալներուն բարի գալուսի մաղթանքներն ու մօտիկութիւնը։
Գերապայծառ Սեմերարօն ապա դիտել տուաւ որ ամարնային այս շրջանին պիտի շարունակուի Կիրակնօրեայ հրապարակային աղօթքը ինչպէս նաեւ 15 օգոստոսին` վերափոխման տօնին առթիւ Նորին Սրբութիւնը Սուրբ Թովմասի եկեղեւոյ մէջ պիտի գլխաւորէ Սուրբ Պատարագը, վստահ եմ աւելցուց ան, որ հաւատացեալները առիթը պիտի ունենան մօտէն հետեւելու Սրբազան Հօր գործունէութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.