2011-07-08 14:31:08

200 Միլիոն Տոլար Պիտի Տրամադրուի Հայաստանին ։


2012-2013ի ընթացքին Համաշխարհային Դրամատունը Հայաստանին պիտի տրամադրէ 200 միլիոն տոլար, աջակցելու համար յետ-ճգնաժամային շրջանի ընթացքին տնտեսական աճի պահպանման՝ բնակչութեան առաւել խոցելի շերտերուն համար:

Այս հարցի շուրջ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսը Համաշխարհային Դրամատան Երեւանեան գրասենեակի ղեկավար Ժան Միշել Հափիի կողմէ:
Համաշխ. Դրամատան խումբը ներկայացուցած է «Հայաստանի ռազմավարական համագործակցութիւնը» զեկոյցը 2009-2013 թուականի համար: Հոն նշուած են դրամատան աջակցութեամբ տարբեր մարզերէ ներս առկայ շարք մը ձեռքբերումներ, մասնաւորապէս՝ կենսական նշանակութիւն ունեցող ճանապարհներու վերակառուցումը, ոռոգման եւ խմելու ջուրի համակարգերը: Կան դրական արդիւնքներ նաեւ կրթութեան եւ ‘ առողջապահութեան մարզերէն ներս:
Իր կարգին Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Վաչէ Գաբրիէլեանը դիտել տուած է, որ տրամադրուող միջոցները պիտի ուղորդուին առաջնահերթ նկատուող բնագաւառներէն ներս, յատկապէս գիւղա տնտեսութեան մարզէն ներս:








All the contents on this site are copyrighted ©.