2011-07-07 13:36:34

Սրբազան Քահանայապետը կը փոխադրուի Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամառանոցը։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը այս տարուայ Յուլիս ամսուայ ամառնային արձակուրդը պիտի անցնէ Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամառանոցը ուր կը փոխադրուի 7 Յուլիսի՝ յետ միջօրէին, եւ պիտի մնայ մինչեւ սեպտեմբերի վերջ։ Սրբազան Հօր ամառնային արձակուրդին շրջանին արկախուած կը մնան բոլոր ունկնդրութիւնները ի մէջ այլոց չորեքշաբթի օրերու ընդհանուր ունկնդրութիւնը մինչ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը պիտի շարունակուի տեղի ունենալ Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամառանոցէն ինչպէս հաստատած էր նաեւ Նորին Սրբութիւնը անցեալ Կիրակի 3 յուլիսի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքի աւարտին <<Յառաջիկայ օրերուն քահանայապետական ամառանոցը կ'երթամ - ըսած էր ան - ուր եթէ Աստուած կամենայ, Գասթել Կանտոլֆոյի մէջ կը շարունակեմ կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.