2011-07-07 13:37:07

Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը Կը Ոգեկոչէ Ժամանակակից Մարդու Ապրելու Անհանգստութիւնը։


Նորին Սրբութիւնը , 2 յուլիսին Վատիկանի մէջ ընդունելով՝ հարաւային Իտալիոյ Բուլիա թեմէն եկած շուրջ 7000 հաւատացեալներ, ըսաւ անոնց. ՜՜մեր ժամանակակից աշխարհը յատկանշուած է թէ լոյսով եւ թէ խաւարով։ Այսօրուան մարդը բարդ կեցուածքներ ունի ինչպէս, ներանձնանումը, եսապաշտութիւնը, տիրանալու եւ սպառելու իղձը, եւ հետամուտ՝ զգացումներու եւ գորովներու առանց որեւէ պատասխանատուութեան՝՝։
Ի տես ժամանակակից մարդու ապրելու անհանգստութեան, Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց անհրաժեշտութիւնը, որ քրիստոնեայ հասարակութիւնը յանձառումով ապրի իր հաւատքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.