2011-07-07 13:04:56

Հայկական Ցեղասպանութեան Մասին Նոր Բացայայտումներ Վատիկանի Գաղտնի Արխիւներուն Մէջ։


Յուլիս 5ին, Վատիկանի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Վատիկանի գաղտնի արխիւներու դիւանապետ Գերապայծառ Սերճիօ Փականօ յայտարարեց թէ 2012ի Փետրուարին, Վատիկանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանրութեան պիտի ցուցադրուին պատմական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող 100 գաղտնի արխիւներ, որոնք երկար տարիներ ի պահ դրուած էին Վատիկանի Գաղտնի Դիւաններուն մէջ։
Գերապայծառ Փականօ անդրադառնալով Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրենց մօտ գտնուող արխիւներուն, լրագրողներուն յայտնած է, թէ իբրեւ մարդ ՝՝խոր ամօթ կը զգայ պատմութեան այդ դառնաղէտ էջը յիշելով՝՝: Վատիկանի Ռատիոկայանը միւս կողմէ երէկ, 6 Յուլիսին, ճշդեց որ ՝՝սոյն հրատարակութիւնները կը հրապարակուին ոչ բանակռիւ ստեղծելու,այլ պատմական փաստեր յայտնաբերելու համար՝՝ ։
Գերասպայծառ Փականօ նկարագրած է նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին կարգ մը փաստաթուղթերու մէջ արձանագրուած տխուր,անասելի պատմութիւնները.......
Ցուցադրուելիք արխիւներուն մէջ պիտի ըլլան 8-րդ դարէն մինչեւ 20րդ դար պատահած պատմական իրադարձութիւններու եւ դէպքերու փաստաթուղթեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.