2011-07-07 13:06:18

Հայ Երիտասարդ Լրագրողներու Այցը՝ Հ.Հ. Սփիւռքի Նախարարութիւն։


Երեւան Չորեքշաբթի, 6 յուլիս 2011, առաւօտեան ժամը 11-ին, Սփիւռքահայ երիտասարդ լրագրողներու վերապատրաստման դպրոցին մասնակիցները այցելեցին Հայաստանի հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարութիւն, ուր ծանօթացան նախարարութեան տարբեր բաժիններուն ու գործող գրասենեակներուն։ Այնուհետեւ մասնակցեցան նախարար տիկին Հրանուշ Հակոբեանի մամլոյ ասուլիսին, որուն ընթացքին անդրադարձաւ նախարարութեան տարբեր ծրագիրներուն ու համահայկական նախաձեռնութիւններուն։
Յիշենք, որ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի մամլոյ գործակից՝ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան եւ կայքէջի աշխատակից Համբի Էլմաճեան կը մասնակցին սոյն երիտասարդ լրագրողներու վերապատրաստման ծրագրին։








All the contents on this site are copyrighted ©.