2011-07-06 12:28:06

Վատիկանի գաղտնի դիւանի կարգ մը վաւերաթուղթերու ցուցադրութիւնը 2012ին
Յառաջիկայ սեպտեմբերհ 2012-ին աւելի քան 100 վաւերաթուղթեր հանրութեան առջեւ պիտի պարզուին Հռոմի մայրաքաղաքի թանգարանին մէջ ։


Այս առաջին անգամն է որ Վատիկանի գաղտնի դիւանը իր վաւերաթուղթերը կը պարզէ հանրութեան, յայտարարած է Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը` կարտինալ Պերթոնէ, մամուլին հետ ունեցած ելոյթին ընթացքին, որուն կ'ընկերանար Հռոմի քաղաքապետը տիար Ճաննի Ալեմաննօն։
Յայտնենք թէ Վատիկանի գաղտնի դիւանը 400 տարուայ կեանք ունի ու հիմնուած է Պօղոս Ե. Քահանայապետի կողմէ։
Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Վատիկանի գաղտնի դիւանի ներկայ կառավարիչը` գերապայծառ Սերճօ Բականօ. Ան մատնանշեց թէ ժողովուրդի երեւակայութեան մէջ Վատիկանի գաղտնի դիւանը անծանօթ եւ անմատչելի վայր մըն է վերապահուած լոկ մասնագէտներուն, աւելցնելով որ 2012ի ցուցադրութիւնը աւելի պիտի յստակացնէ Վատիկանի գաղտնի դիւանին աշխատանքն ու առաքելութիւնը։
Շարունակելով իր ելոյթը, գերապայծառ Սերճօ Բականօ յայտնեց որ կը նախատեսուի Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթին մասին գիրքի մը հրատարակութիւնը` մարդկային պատմութեան ամենէն մութ եւ տխուր էջերէն մին։ Ան ըսաւ թէ Վատիկանի գաղտնի դիւանը պիտի մասնակցի այդ գիրքի հրատարակութեան ընծայելով անտիպ վաւերաթուղթ մը առաջին աշխարհամարտին մասին։ Այդ հատորին մէջ նկարագրականը պիտի տրուի թուրքերու որդեգրած դատախազութեան զարհուրելի եղանակին հանդէպ Հայերու, որոնք վայրագ ոճիրի ու մեծ ջարդի զոհ հանդիսացան։

Բարբարոսական ներգործութիւններ - Հիմնուելով վատիկանեան վաւերաթուղթերու վրայ, գերապայծառ Սերճօ Բականօն մատնանշեց թուրք զինւորներուն քստմնելի վառուելակերպին հանդէպ յղի հայ կիներուն, յարելով որ այս դէպքերը ''զինք կ'ամչցնեն մարդ ըլլալուն'' ։ ''Առանց հաւատքի, մարդիկը, կարող են միայն խաւարը ցոյց տալ''։ Վատիկանը, այդ մութ տարիներուն, բազմապատիկ կոչեր ու գութի նշաններ յայտնած է Հայերու ճակատագիրին մասին, որնցմէ 1,5 միլիոնը թուրքերէն ջարդուեցաւ 1915ին։
Մայիս 2008-ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը. որ բացառապէս հրաւիրած էր Գարեգին Բ. Վեհափառը հետը գլխաւորելու չորեքշաբթի օրուան հերթական ընդհանուր ունկնդրութիւնը, բաղձանք յայտնած էր որ հայոց ցեղասպանութիւնը համաշխարհային գետնի վրայ ճանաչում ընդունի։ Նախապէս երկու տարի առաջ, 30 նոյեմբեր 2006ին, Թուրքիա կատարած առաքելական այցելութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը վերակոչած էր Հայոց ցեղասպաննութիւնը, առանց բացայայտօրէն անուանելու զայն։
Իսկ երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ, 2001ին, Առաքելական Թուղթ մը հրապարակած է Հայաստանի մկրտութեան 1700 տարեդարձին առթիւ ուր ընդգծած է թէ Հայոց քրիստոնէական հաւատքը հիմնուած է իր ժողովուրդին նահատակութեամբ ու անոր թափած արիւնով։








All the contents on this site are copyrighted ©.