2011-07-06 13:23:29

Ոչ Եւս Է Երգեհոնահար Վահագն Ստամբոլցեանը.


Յուլիս 5ի առաւօտեան իր մահկանացուն կնքած է յայտնի երգեհոնահար, երգեհոնի հայաստանեան դպրոցի հիմնադիր Վահագն Ստամբոլցեան: Իր 80ամեայ յոբելեանին առիթով, Ստամբոլցեան սկսած էր երգեհոնային երաժշտութեան համերգային շրջագայութիւն մը՝ ելոյթ ունենալով Ս. Փեթերզպուրկի, Երեւանի եւ Հայաստանի այլ մարզերու մէջ:
17 Յունիսին, Կապանի արուեստի պետական քոլեճին մէջ իր տուած համերգէն ետք, Վահագն Ստամբոլցեանի առողջութիւնը վատացած էր եւ ան տեղափոխուած էր Կապանի բժշկական կեդրոն, այնուհետեւ՝ «Էրեբունի» բժշկական կեդրոն:
Ստամբոլցեան սրտի կաթուած ունեցած էր, իսկ բժիշկներ անոր վիճակը գտնահատած էին կայուն, սակայն ծանր:








All the contents on this site are copyrighted ©.