2011-07-05 11:56:19

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը։
՜՜Յիսուսի Բարեկամը՝՝


Այլեւս ծառաներ չէք այլ Բարեկամներ։ Իր քահանայութեան յոբելեանի առթիւ, սուրբ Պետրոս ու սուրբ Պօղոսի տօնին օրը, սրբազան քահանայապետի արտասանած քարոզը հանդիսացաւ վկայութիւն մը իր քահանայական խոր հոգեւորութեան։ Ինչ որ ամենէն շատ աչքի կը զարնէ սրբազան հօր Յիսուսի հետ ունեցած անձնական կապն է. Նորին սրբութիւնը , քահանայական ձեռնադրութեան ընթացքին, Յիսուսին դիմած էր, որ զինք ընդունած էր վերնատան առաքեալներու շարքին։
Այս կապը կը դառնայ այնքան սերտ ու մտերիմ որ քահանան կրնայ <<ես>> գործածել խօսելով Յիսուսի անունով ու անոր խօսքերը կրկնելով այնպէս ինչպէս կը պատահի երբ խոստովանանքի կամ սուրբ հաղորդութեան խորհուրդները կը մատակարարէ։

Այն օրէն ի վեր, Սրբազան Պապը երկար ճանապարհորդութիւն մը կատարեց հասնելով մինչեւ քահանայութեան ամենաբարձր աստիճանը։ Համբերութեան ճանապարհ մը՝ ինչպէս կը նկարագրէ Նորին Սրբութիւնը << Արեւի ու անձրեւի տակ, հանդարտութեան ու դժուարութիւններուն մէջ, բիւրեղացման զանազան հանգրուաններուն եւ փորձութեան մէջ, ու նաեւ աւետարանի ուրախութեամբ>> ։
60 տարուայ հաւատարմութիւն, տօնախմբուած պարզութեամբ եւ առանց փառքի։ Պարգեւ մը համայն եկեղեցւոյ ու մանաւանդ քահանաներուն որոնց Պենետիկտոս ԺԶ միշտ կը յիշեցնէ, ըլլա'յ խօսքով ըլլա'յ կեանքի օրինակով Յիսուսի հետ իր ՜՜Բարեկամին հետ՝՝ անձնական կապը որ մնայուն աղբիւրն է իրենց կոչումին կենսունակութեան եւ պտղաբեր առաքելութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.