2011-07-05 11:56:41

Ազրպեճեանի Մէջ Կաթողիկէները Ազատ Են Ապրելու Իրենց Հաւատքը ։


Չորեքշաբթի 6 յուլիսի առաւօտուն Վատիկանի մէջ տեղի կ՛ունենայ դաշնագիրի ստորագրութիւն` ընդմէջ Ս. Աթոռի եւ Ազրպեճանի պետութիւններուն։ Դաշնագիրը կը սահմանէ երկու պետութիւններու միջեւ կապերը ։ Անցեալ 29 ապրիլին Պաքուի մէջ ստորագրուած էր համաձայնագիր մը որ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն կ'երաշխաւորէ հրապարակաւ դաւանիլ ու ապրիլ իրենց հաւատքը։
Նոր ստորագրուած դաշնագիրը կը ճանչնայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ իրաւունքը կազմակերպուելու եւ գործադրելու իր առաքելութիւնը եկեղեցական կանոնագրութեան համաձայն։ Ուստի Ազերի կաթողիկէներու կը շնորհէ ազատութիւն կապ հաստատելու Ս. Աթոռին հետ, մամուլ ունենալու, ընտրտելու եպիսիկոպոսը ինչպէս նաեւ կեցութեան եւ աշխատանքի իրաւունք կը շնորհէ օտարազգի եկեղեցականներուն։
Յայտնենք թէ Ազրպեճանի բնակչութեան 90 տոկոսը մահմետական է։








All the contents on this site are copyrighted ©.