2011-07-04 13:23:54

Քրիստոնեայ Երեք Մեծագոյն Համաշխատհային Հաստատութիւնները Կ'որդեգրեն Միացեալ Հաղորդագրութիւն Մը։


Վերանորոգումէն ասդին, առաջին անգամուան համար միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդը, եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը եւ աւետարանական համաշխարհային ուխտը, Ժընեւի մէջ ներկայացուցին բնագիր մը '' Քրիստոնէական վկայութիւնը բազմացեղային ընկերութեան մը մէջ, յորդորներ բարի վարուելակերպի մը համար'' վերտառութեամբ։ Այդ բնագիրը պտուղն է հնգամեայ միատեղ խորհրդածութեան ու երկխօսութեան։
Պատմական բնագիր մըն է յայտարարած է համաշխարհային աւետարանութեան դաշնագիրի ընդհանուր քարտուղարը Թանգլիֆ, արդարեւ ասիկա` 16-րդ դարէն ի վեր, առաջին անգամն է որ քրիստոնեայ աշխարհի ներկայացուցիչները կ'որդեգրեն միացեալ վաւերաթուղթ մը, պրուղը՝ հինգ տարիներու աշխատանքին, ունենալով որպէս նպատակ ՜՜Աւետարանը ճանչցնել աշխարհին առանց մրցակցութեան ոգիի եւ առանց մարդորսորդութեան՝՝։ Վաւերաթուղթը կ'ընդգծէ թէ աւետարանութիւնը պէտք է կատարել յարգելով իւրաքանչիւրին կրօնական ազատութիւնը







All the contents on this site are copyrighted ©.