2011-07-04 14:01:08

Վրաստանի Խորհրդարանը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Կը Շնորհէ ՝՝Իրաւաբանական Անձի Կարգավիճակ՝՝ ։


Վրաստանի խորհրդարանը անցեալ շաբաթ (2 Յուլիս) առաջին ընթերցումով փոփոխութիւններ մտցուցած է Վրաստանի քաղաքացիական օրէնսգիրքին մէջ: Այդ փոփոխութիւններուն համաձայն, Վրաստանի մէջ կրօնական հինգ միութիւններու կը շնորհուի իրաւաբանական անձի կարգավիճակ: Այս մասին կը յայտնէ «Նովոսթի Կրուզիա» գործակալութիւնը: Երեսփոխանները համապատասխան փոփոխութիւններուն կողմ քուէարկած են խորհրդարանի արտահերթ նիստին ժամանակ:
Մասնաւորապէս, իրաւաբանական անձի կարգավիճակ կը շնորհուի Հայ Առաքելական Եկեղեցիին, Կաթողիկէ Եկեղեցիին, Իսլամական Համայնքին, Հրէական Համայնքին եւ Մկրտչական Եկեղեցիին:
Օրինագիծին դէմ քուէարկած են ընդդիմադիր Քրիստոնեայ-Ժողովրդավարական» խմբակցութեան անդամները: «Վրացական եկեղեցին համանման կարգավիճակ չունի…. Մենք պէտք է հասկնանք` արդեօք Ազրպէյճանն ու Հայաստանը կը պատրաստուի՞ն նման կարգավիճակ շնորհելու վրացական եկեղեցիին…», հարց տուած է ընդդիմադիր խմբակցութեան անդամ Նիքոլազ Լալիաշվիլի:








All the contents on this site are copyrighted ©.