2011-07-04 13:22:55

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Պաշտօնական բացումը ՜՜Ճշմարտութեան Պայծառութիւնը Եւ Ողորմութեան Գեղեցկութիւնը՝՝ Նիւթով Ցւցահանդէսին։


Երկուշաբթի 4 յուլիս 2011, առաւօտեան Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց կարտինալ Անթոնիօ Գանիցարըս Լովէրան՝ կառավարիչը Աստուածային Պաշտամունքի ու Խորհուրդներու Մատակարարութեան։ Ապա ընդունեց Գերապայծառ Նիքոլա Էթէրովիչ՝ ընդհանուր քարտուղարը եպիսկոպոսական Սինոտոսին. հուսկ ժամը 11.30 -ին երջանկայիշատակ Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ, Սրբազան Հայրը պաշտօնական բացումը կատարեց ՜՜Ճշմարտութեան Պայծառութիւնը Եւ Ողորմութեան Գեղեցկութիւնը՝՝ նիւթով ցուցահանդէսին։
Սոյն ցուցահանդէսը կազմակերպուած է նախաձեռնութեամբ Կարտինալ Ճանֆրանքօ Ռավազիի՝ նախագահը Քահանայապետական Մշակոյթի խորհուրդին, Սրբազան Քահանայապետի քահանայութեան 60 ամեակին առթիւ։
Բացման արարողութեան նախ լսելի եղաւ Վատէր Անսէրը, ապա խօսք առաւ Քահանայապետական Մշակոյթի խորհուրդի նախագահ՝ Կարտինալ Ճանֆրանքօ Ռավազին, որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը հակիրճ ճառ մը արտասանեց որուն,մէջ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Կարտինալ Ճանֆրանքօ Ռավազիին ու անոր օգնականներուն ըլլայ ցուցահանդէսի կազմակերպութեան համար ըլլայ իրեն ուղղած սիրալիր խօսքերուն համար,ինչպէս նաեւ յատուկէն ողջունեց Կարտինալ Ճովաննի Լայոլոն Վատիկան Պետութեան Կառավարիչը ու բոլոր ներկայ գտնուող արուեստագէտները։
Նորին սրբութիւնը ըսաւ. ՜՜Եկեղեցին ու արուեստագէտները դարձեալ կը միասին զրուցելու` ու ներկայ ժամանակի մշակոյթին նուիրելու օրինակելի եւ պտղաբեր երկխօսութիւն մը որ դարձնէ այս ժամանակաշրջանը մարդկային ու գեղեցիկ՝՝։
Ցուցահանդէսին խորագիրն է ՜՜Ճշմարտութեան Պայծառութիւնը Եւ Ողորմութեան Գեղեցկութիւնը՝՝, յիրաւի ողորմութիւնը առանց ճշմարտութեան կոյր ողորմութիւն է եւ ճշմարտութիւնը առանց ողորմութեան կը նմանի ղօղանջող ծնծղայի մը։ Աշխարհը որուն մէջ կ՛ապրինք կարիքն ունի շողշողուն ճշմարտութեան մը որ չի մթագնի ստախօսութեան պատճառաւ։ Եւ կարիք ունի բոցավառ ողորմութեան որ չընկճուի եսասիրութեան ու հպարտութեան առջեւ։ Մենք կարիքն ունինք որ ճշմարտութեան ու ողորմութեան գեղեցկութիւնը խօսի մեր սրտին ու զայն աւելի մարդկային դարձնէ։
Ապա Սրբզան Քահանայապետը յորդորեց արուեստագէտները որ շարունակեն արտացոլել իրենց գործունէութեամբ կեանքի գեղեցկութիւնը, ու թող Սուրբ Հոգին որ ստեղծիչն է աշխարհի ամէն տեսակի գեղեցկութեան ձեզ լուսաւորէ եւ ուղղէ ձեր քայլերը դէպի յաւիտենական, վերջնական անհուն գեղեցկութիւնը։ Հուսկ Պենետիկտոս ԺԶ ներկաներու ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը։
Ցուցահանդէսի բազման արարողութեան երկրորդ հանգրուանը տեղի կ՛ունենայ յետ միջօրէի ժամը 6ին եկեղեցական եւ դիւանագիտական մարմնի ներկայութեամբ։
Նշենք թէ ցուցահանդէսը կարելի է այցելել 5 յուլիսէն սկսեալ , ու մինչեւ 4 սեպտեմբեր 2011։ (Երկուշաբթիէն շաբաթ` առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ երեկոյեան 7-ն)։








All the contents on this site are copyrighted ©.