2011-07-04 09:45:32

Նոր Երանելի մը։ Աստուծոյ Ծառայ Ճովաննի Շէֆֆլէր։


Կիրակի 3 Յուլիս,Ռումանիոյ մէջ Երանելի հռչակուեցաւ Սաթու Մարէ թեմի Եպիսկոպոսը,մարտիրոս Ճովաննի Շէֆֆլէր ,ի ներկայութեան Կարտինալ Անճէլօ Ամաթոյի, Սուրբերու Դատի Ժողովի Կառավարիչի,միաժամանակ ներկայացուցիչը Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին։ Կարտինալ Ամաթոյի հետ համապատարագեց Կարտինալ Բէթէր Էրտէօ՝ Էշթէրկոմ-Պուտափէշթի Արքեպիսկոպոսը եւ Հունգարիոյ Եպիսկոպոսապետը։ Նշենք որ աստուծոյ Ծառայ Ճովաննի Շէֆֆլէր ծագումով հունգարացի է։
Եանոշ Շէֆֆլէր կը ծնի 1887-ին Գալմանտ, այդ շրջանին Հունգարիոյ պատկանող գիւղաքաղաքը կաթողիկէ հողագործ ծնողքէ մը, տասը քոյր-ելղբայրներու ՝երկրորդը։ 1898ին կ՝արձանագրուի Սաթու Մարէ-ի արքայական կաթողիկէ աւագ լիկէոնը,որմէ ետք կ՝ընդունուի Յիսուսեաններու եպիսկոպոսական գիշերօթիկ վարժարանը։ Փոքր հասակէն ունենալով մեծ հակում քահանայութեասն, ուսմանց աւարտին կը մտնէ Սաթու Մարէ-ի Դպրեվանքը 1905-ին ։ 1915-ին կ՝աւարտէ Աստուածաբանական Գիտութեանց մասնաճիւղը,ու կը սկսի դասաւանդել բարձրագոյն վարժարաններու մէջ,ու քարոզել Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ ։ Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտին կը սորվի ռումաներէն լեզուն որովհետեւ Թրան-Սիլվանիան այդ շրջանին մաս կը կազմէր Ռումանիոյ։ 1923-ին կ՝անուանուի ժողովրդապետ՝ Նաճիմաժթէնի-ի ուր մեծ զարկ կուտայ առաքելութեան,կազմակերպելով ուխտագնացութիւններ ,գրելով նաեւ քրիստոնէականի գրքոյկ մը,օժանդակելով կաթողիկէ դպրոցներուն։
Շէֆֆլէր 1926ի՝ 20-էն 24 Յունիս մասնակցած է Շիքակօ-ի Սուրբ Հաղորդութեան 28երորդ միջազգային համագումարին,որու Աստուծոյ Ծառան նուիրուած է գիրք մը ՝՝Սաթու Մարէ-ն՝մինչեւ Շիքակօ՝՝ վերնագրով։ 1942ին կ՝անուանուի Սաթու Մարէ թեմի Եպիսկոպոս,հողամասը որ այդ թուականներուն Հունգարիոյ իշխանութեան վերադարձուած էր։ Ան եղաւ խոհեմ,եռանդուն հայրական եւ անխոնջ հովիւ մը ,մեծ հոգ տանելով իր ծխականներուն,քահանաներուն ու ժառանգաւորներուն։
1944-ի սեպտեմբերին Կարմիր Բանակը կը ներխուժէ Թրանսիլվանիա ,պատերազմի աւարտին սկիզբ կ՝առնէ հալածանքը Եկեղեցւոյ դէմ, 1948-ին կը խզուի Դաշնադրութիւնը եւ լուծարուի Արեւելածէս Կաթողիկէ եկեղեցին,եւ կառավարութիւնը կ՝ուզէ անջատել Ռումանիոյ Կաթողիկէ Եկեղեցին՝Հռոմի Եկեղեցիէն։
Աստուոյ Ծառան դէմ կ՝ելլէ այս բոլոր կարգադրութիւններուն, հետեւնաք որու կը ձերբակալուի 1950-ին ենթարկուելով տնային բանտարկութեան ,իսկ 1952ին կը փոխադրուի Պուխարէսթի բանտը,ապա Ժիլավա-ի ընդերկրեայ բանտը, որու տմարդի պայմաններուն մէջ կ՝ապրի իր կեանքի վերջին երկու ամիսները։
Կը վախճանի 6 Դեկտեմբեր 1952ին։ 1965ին է որ իր մարմինը փոխադրուած է Սաթու Մարէ-ի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Մատուրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.