2011-07-04 13:24:45

Թուրքիա - Վանի Քաղաքապետարանը Կ'արտօնէ Եկեղեցւոյ Շինութիւնը Իր Հողին Վրայ։


Արեւելեան Թուրքիոյ Վան քաղաքի իշխանութիւնը առաջին անգամուան համար արտօնութիւն կը շնորհէ եկեղեցւոյ մը շինութեան։ Տեղական Թարաֆ թերթը մէկ յուլիսի թիւին մէջ այս լուրը հաղորդելով կը յայտնէ թէ Վանի քրիստոնեաները 2003էն ի վեր կը սպասեն այս արտօնագրին։ Վանի քրիստոնեայ հասարակութիւնը կազմուած է մասնաւորապէս թուրք, քիւրտ, իրանէն, աֆղանիստանէն եւ ազրպեճանէն ապաստանած քրիստոնեաներէ։ Անոնց ամիսը անգամ մը աղօթելու՝ թրքերէն եւ քիւրտերէն լեզուներով։ Վանի քրիստոնեաներու պատասխանատու` ֆերհադ Սոհէյ յայտարարած է թէ շնորհիւ եկեղեցաշինութեան արտօնութեան իր հայանքը պիտի կարողանայ համախմբուիլ, ՜՜մենք ոչ մէկ թշնամութիւն ունինք Վանի մահմետական ջախջախիչ հասարակութեան հետ։ Այս քաղաքը երկար ժամանակուայ համար եղած է կեդրոնը հայութեան, սակայն անոնք ջարդէն ետք առաջին աշխարհամարտին ընթացքին բոլորովին անհետացան՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.