2011-07-04 14:11:44

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Միջ-եկեղեցական Հանդիպումներ:


Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ յաջորդաբար տեղի ունեցան միջ-եկեղեցական հանդիպումներ: Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդհ Ընդհ. Քարտուղար Դոկտ. Կրկէս Սալեհին հետ: Ընդհ. Քարտուղարը Եգիպտոսէն նոր վերադարձած ըլլալով, Վեհափառին փոխանցեց Շնուտա Գ. Պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները, եւ ընդհանուր գիծերով պարզեց Եգիպտոսի ներքին կացութիւնը: Որպէս նախագահներէն մէկը Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին, Արամ Ա. նաեւ տեղեակ դարձաւ Խուրհուրդի կարգ մը բաժանմունքներու աշխատանքներուն ու յատկապէս՝ յառաջիկայ ամիսներուն տեղի ունենալիք Խորհուրդի համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն: Վեհափառը կարեւորութեամբ շեշտեց շրջանի բոլոր եկեղեցիներուն գործօն մասնակցութիւնը համաժողովին, եւ ընդգծեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը վերակազմակերպելու եւ անոր ծառայութեան նոր մղում տալու հրամայականը՝ որպէս շրջանէն ներս եկեղեցիները համախմբող ու անոնց հաւաքական կեցուածքը արտայայտող միակ կառոյցը: Դարձեալ Վեհափառին նախագահութեամբ միջ-եկեղեցական երկրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ղպտի, Ասորի ու Հայ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները Միջին Արեւելքի ծիրէն ներս համախմբող մարմնի անդամներէն՝ Սալիպա Մետրոպոլիտին ու Նարեկ Արքեպիսկոպոս Ալեմեզեանի հետ: Սոյն հանդիպման նպատակն էր յառաջիկայ շաբաթ Գահիրէի մէջ տեղի ունենալիք յիշեալ մարմնի օրակարգի եւ աշխատանքի ընդհանուր ուղեգիծի պատրաստութիւնը: Այս առիթով Վեհափառը թելադրեց սրբազաններուն, որ իր եղբայրական ողջոյնները փոխանցեն Շնուտա Պատրիարքին, ինչպէս նաեւ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեն Ղպտի եկեղեցւոյ, այս դժուար օրերուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.