2011-07-03 13:40:13

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառմ մարեմեան աղօթքը։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը։

Կիրակի 3 յուլիս . Գ կիրակի յետ Պենտեկոստէի, այսօրուան Աւետարանը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը , մեզի նախախնամօրէն կ'ուղղէ դէպի հանգիստը եւ անդորրութիւնը, դէպի արձակուրդը մինչ շատերու համար արդէն սկսած է ամառնային արձակուրդի շջանը։
Արձակուրդը բարեպատեհ ժամանակ մըն է նոր եղանակով ապրելու մեր ժամանակը եղբայրներուն հետ եւ Աստուծոյ հետ։ Յիսուս մեզի կ'ըսէ '' Եկէ՛ք ինծի, [դուք] բոլորդ որ կը յոգնիք ու բեռնաւորուած էք, եւ ես պիտի հանգստացնեմ ձեզ։ Առէ՛ք իմ լուծս ձեր վրայ ու սորվեցէ՛ք ինձմէ՝` որ հեզ եմ եւ սիրտով խոնարհ, ու հանգստութիւն պիտի գտնէք ձեր անձերուն
որովհետեւ իմ լուծս հեշտ է, եւ իմ բեռս՝` թեթեւ։ Յիսուս, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, մեզ իրեն կը կանչէ, իրեն վստահինք։ Եթէ Յիսուսի ներկայութեամբ ապրինք մեր հաւատքը, Ան մեզի պիտի հաղորդէ այն անդորրութիւնը որ իրեն կու գայ Հօր Աստուծմէ։ Երկար ժամանակ տրամադրենք կարդալու ս. Գիրքը եւ մասնաւորապէս Աւետարանը։
Թող Աւետարանը դառնայ ձեր կեանքին ընկերը։
Ապա Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ. սիրելիներ երէկ, շաբաթ օրը, տօնախնբեցին Ս. Կոյս Մարիամի տօնը գովաբանելու Տէրը Մարիամի անարատ սրտին համար։
Թող Տիրամայրը սորվեցնէ մեզի Յիսուսի նման հեզ ըլլալ ու սիրով տանիլ Յիսուսի թեթեւ լուծը փորձարկելու ներքին խաղաղութիւնը ու կարող դառնանք, մեր կարգին, մխիթատելու մեր եղբայրները, որոնք դժուարութեամբ կը տանին իրենց տառապալից կեանքը։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով. սիրով կը միանան Ռումանիոյ կաթողիկէ համայանքին ու Սադու Մարէ եկեղեցւոյ, ուր այսօր երանելի հռչակուեցաւ Աստուծոյ ծառայ Եանոս Շիֆեր, որ եպիսկոպոսը եղաւ այդ թեմին եւ ուր նահատակուեցաւ 1952ին։
Անոր կեանքի վկայութիւնը նեցուկ դառնայ զինք ճամչցող բոլոր հաւատացեալներուն ու մասնաւորապէս նոր սերունդին։
Ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ բարի կիրակի ու բարի յուլիս ամիս։ Յառաջիկայ օրերեուն քահանայապետական ամառանոցը կ'երթամ, ուր եթէ Աստուած կամենայ, Գասթել Կանտոլֆոյի մէջ կը շարունակեմ կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը։
Իսկ Այժմ լսելի կ'ընենք Սրբազան Քահանայապետին առաքելական օրհնութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.