2011-07-03 10:15:11

10 Տարի Անցաւ Իգնատիոս Մալոյեանի Երանացման


10 Տարի Անցաւ Իգնատիոս Մալոյեանի Երանացման
Վատիկանի կողմէ Եղեռնին զոհ գացած նահատակ եպիսկոպոս Ինգնատիոս Մալոյեանի երանացումը տեղի ունեցաւ Հայ ժողովուրդի քրիստոնէացման 1700-ամեակի առթիւ։
10 տարի առաջ խորաններու պատուոյն արժանացած՝ Մարտինի Հայ կաթողիկէներու առաջնորդ Իգնատիոս Մալոյեանի երանացման փաստը տակաւին լաւապէս չենք կրցած օգտագործել` յատկապէս քրիստոնեայ աշխարհին մէջ հայկական ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարի աշխատանքներուն մէջ: Այդ փաստին արժէ անդրադառնալ իւրաքանչիւր տարուայ 11 Յունիսին, որ Վատիկանի կողմէ հռչակուած է որպէս Երանելի եպիսկոպոսին` 1915-ի հայոց Մեծ Եղեռնի նահատակի ոգեկոչման տօն:
Իգնատիոս Մալոյեան ծնած է 19 Ապրիլ 1869 ին Մարտինի մէջ. բարեպաշտ ընտանիքի զաւակ, փոքր տարիքէն կը յաճախէ տեղւոյն թեմական դպրոցը: 1883-ին ան կու գայ Լիբանան` Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան նորընծայարանը։ 1888-ին առողջական վիճակին պատճառով կը հարկադրուի վերադառնալ ծննդավայր եւ երեք տարի կազդուրուելէ ետք կը վերադառնայ Զմմառ ու այնտեղ յաջողութեամբ կ՚աւարտէ փիլիսոփայական եւ աստուածաբանական ուսումը։ Կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուի 1896-ին դառնալով անդամ՝ Զմմառու Պատրիարքական Ուխտին: Կը նշանակուի հոգեւոր հայր՝ վանաբնակ քահանաներուն եւ նորընծաներուն։
Իգնատիոս Մալոյեան պաշտօնավարած է Աղեքսանդրիոյ եւ Գահիրէի մէջ, ապա Պոլիս կանչուած որպէս ընդհանուր քարտուղար՝ Պօղոս Պետրոս ԺԲ. Սապպաղեան պատրիարքին, ստանալով ծայրագոյն վարդապետի աստիճանը։ Ապա դարձեալ Աղեքսանդրիա ղրկուելով այնտեղ պաշտօնավարած է մինչեւ 1910։
Մարտին քաղաքի թեմին վիճակաւոր Յուսիկ արք. Կիւլեանի հրաժարումէն ետք, մեծաւորները գերյ. Մալոյեանին յանձնեցին թեմին ընդհանուր գործակալի պաշտօնը. 1911-ին անընտրուեցաւ Մարտինի թեմի արքեպիսկոպոս:
Մալոյեան նահատակուեցաւ իր հօտին հետ` 1915-ին, Մարտինի շրջանի կառավարիչին հրահանգով, մերժելով հաւատքի ուրացման դիմաց իրեն խնայելու վերաբերեալ կատարուած առաջարկը: Նահատակութեան պայմաններուն վերաբերեալ գոյութիւն ունին հաւաստի տեղեկութիւններ. Այդ մասին վկայաբանական կարեւոր գրութիւն մը ունի ասորի կղերական մը, որ հիմք հանդիսացաւ անոր երանացման դատին:
7 Հոկտեմբեր 2001-ին, հանգուցեալ Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը Վատիկանի սուրբ Պետրոս հրապարակը խմբուած հաւատացեալներուն ու եկեղեցական եւ քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն ներկայութեամբ կատարեց երանացման արարողութիւնը նահատակ եպիսկոպոս Ինգնատիոս Մալոյեանին։ Ներկայիս աշխատանքներ կ’ընթանան` Վատիկանի կողմէ Մալոյեանի սրբադասման ի խնդիր:
Եղեռնի 100-ամեակին ընդառաջ` Մալոյեանի կերպարը եւ դատը լաւագոյն յուշարար կրնան ըլլալ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան` յաչս կաթողիկէ աշխարհին:







All the contents on this site are copyrighted ©.