2011-07-02 12:49:31

Ռուսիոյ Դեսպանը Կ՝այցելէ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանը- Պէյրութ։


Ուրբաթ 30 յունիսին (2011) Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքը, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մօտ Ռուսիոյ լիազօր դեսպան՝ Ալեքսանդր Զասիպքիn։
Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, ժողովրդապետ Աւետման եկեղեցւոյ:

Հանդիպումը տեւեց մօտ 45 վայրկեան, որուն ընթացքին Ամէն. Հոգեւոր Տէրը եւ դեսպանը արծարծեցին հայ եւ ռուս ժողովուրդներու երկար եւ հին բարեկամութիւնը, եւ հայոց մեծ թիւով ներկայութիւնը ռուսական զանազան քաղաքներու մէջ: Ապա նաեւ հայ կաթողիկէներուն ներկայութիւնը մանաւանդ Մոսքուայի մէջ:
Ամեն. Հոգեւոր Տէրը արծարծեց արցախեան թղթածրարին լուծման հարցը, մանաւանդ Գազանի հանդիպումէն ետք առաջարկները: Դեսպանը նկատեց Ռուսիոյ պարտաւոր չէզոքութիւնը, որպէսզի հարցերը լուծման մը հանգին, եւ շեշտեց թէ քաղաքական դրական կամքը պարտի աճիլ երկուքին ալ մօտ:
Ամենապատիւ հոգեւոր Տէրը հրաւիրեց զինք մասնակցելու հայր Ռաֆայէլ Մինասեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան, որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ 16 յուլիս 2011-ի՝ ժամը 10-ին, Սուրբ Գրիգոր սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.