2011-07-02 13:06:39

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Շաբաթ 2 յուլիս 2011ի ժամը 12ին Նորին Սրբութիւնը Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալիոյ Ալթամուրա - Կրավինա - Ագուավիվա Տէլլէ ֆոնթի թեմի աւելի քան 7000 հաւատացեալներուն որոնք առաւօտ կանուխէն հասած էին Հռոմ։ Ատկէ առաջ Սրբազան Քահանայապետը ժամը 11ին իր գրասենեակի մէջ ընդունած էր եպիսկոպոսներու Ժողովի Կառավարիչ կարտինալ Մարք Ուելլէն եւ ժամը 11.30ին Կարտինալ ֆորդունաթօ Պալտէլլին՝ վերապահեալ մեղքերէ արձակող աւագ կարտինալը ու անոր օգնականը՝ գերապայծառ ճանֆրանքօ ճիրոթթին

Ուրբաթ յուլիս մէկին Պենետիկտոս ԺԶ. Քահանայապետը մասնակցեցաւ Կարտինալական դասի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եղբայրական ակաբին Սրբազան Հօր քահանայական ձեռնադրութեան 60 ամեակի առթիւ։ Ակաբի ընթացքին խօսք առաւ Կարտինալական դասի գահերեց Կարտինալ Սօտանոն որ յանուն կարտինալական դասին շնորհաւորեց Սրբազան Քահանայապետի այս յոբելեանը որ -ըսաւ ան- հազուագիւտ քահանայապետներ կարողացան նշել իրենց քահանայապետութեան ընթացքին, անոնցմէ էր Լէւոն ԺԳ. որ 1897ին 87 տարեկանին նշեց իր քահանայութեան ձեռնադրութեան 60 ամեակը եւ որուն առթիւ նուիրած էին անոր Պատի ժամացոյց մը որը մինչեւ օրս պահուած է Վատիկանի մէջ։
Ապա Կարտինալ Սօտանօ Սրբազան Քահանայապետին յայտնեց թէ իր այս 60ամեակի առթիւ Կարտինալական դասը կ՝ուզէր նուէր մը ընել իրեն, եւ գիտնալով Քահանայապետի գուրգուրանքը հանդէպ Հռոմի թեմի աղքատներուն, Սուրբ Պետրոս ու Պօղոս առաքելապետերու տօնին առթիւ՝ կարտինալները, յանուն սրբազան հօր, ճաշ հրամցուցին 200 աղքատներուն նաեւ՝ 50 հազար եւրոյի գումար մը յատկացուցած են որպէս նուիրատուութիւն Սրբազան Քահանայապետի ձեռնարկներու համար։ Կարտինալ Սօտանոյէն ետք Նորին Սրբութիւնը խօսք առաւ եւ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց կարտինալներուն այս եղբայրական գեղեցիկ մթնոլորտին համար նաեւ գոհաբանութիւն Աստուծոյ՝ անոր պարգեւած շնորհքներուն համար։ Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը հակիրճ կերպով անդրադարձաւ 1951 էն - քահանայական ձեռնադրութենէն մինչեւ օրս - իր կեանքի հանգրուաններուն որ զինք առաջնորդեցին մինչեւ Սուրբ Պետրոսի Աթոռը։ Այս 60 տարիներուն ընթացքին ամէն բան փոփոխութեան ենթարկուած է, ըսաւ նորին սրբութիւնը, բայց Տիրոջ հաւատարմութիւնը մնացած է անսասան։ Ան նոյնն է երէկ` այսօր եւ ցմիշտ։ Այս է հաւաստիքը որ ապագայի յոյսի ճանապարհը ցոյց կու տայ։ Ապա նորին սրբութիւնը եզրափակեց խօսքը դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով Աստուծոյ ու կարտինալական դասին հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնը եւ նեցուկը յառաջ երթալու։








All the contents on this site are copyrighted ©.