2011-07-02 12:49:23

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի ՜՜Քրիստոնեաները Միջին Արեւելքի Մէջ՝՝ Խորհրդաժողովին։


Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի եւ Յոյն-Ուղղափառ Եկեղեցւոյ աստուածաբանական ՙՎոլօ Ակադեմիա՚յի միացեալ նախաձեռնութեամբ, Յունաստանի հիւսիսային Վոլօ ծովեզերեայ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ եռօրեայ խորհրդաժողով (Յունիս 20էն 23), որուն գլխաւոր նիւթն էր ՜՜Քրիստոնեաները Պաղեստինի եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ - Կամուրջներու կառուցումը Արեւելքի եւ Արեւմուտքի, Հինին եւ Նորին միջեւ՝՝: Խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին մաս կազմող գլխաւոր եկեղեցիներէն հոգեւորական թէ աշխարհական ներկայացուցիչներ, ակադեմականներ եւ մտաւորականներ: Հայ եկեղեցին կը ներկայացնէր երեք հոգի. Նազարէթ Պէրպէրեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ՝ որ վկայութիւն տուաւ ՜՜Քրիստոնեաները Լիբանանի մէջ՝՝ նիւթին մասին, իսկ Իրաքէն Սեւան Նազարէթ Սանքրիմ տուաւ ՜՜Քրիստոնեաները Իրաքի մէջ՝՝ նիւթով զեկուցում մը իսկ՝ եզրափակիչ նիստը վարեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ծրագրումներու Գործադիր բաժանմունքէն Գարլա Խիժոյեան: Խորհրդաժողովի զեկոյցներն ու քննարկումները կեդրոնացան Պաղեստինի օրինակին վրայ՝ ընդհանուր նիւթը մասնաւորելով ՙՔրիստոնեաները գրաւման տակ՚ պարագայով: Հաստատելով հանդերձ՝ որ, իբրեւ արաբական աշխարհի անբաժան մասնիկներ, քրիստոնեայ եկեղեցիներն ու հաւատացեալները դժուարութիւն չունին ՙԿրօնական Իսլամութեան՚ հետ երկխօսութիւնը զարգացնելու մարզին մէջ, խորհրդաժողովի մասնակիցները իրենց զեկոյցներուն եւ վկայութեանց մէջ շեշտեցին, որ այսօրուան Միջին Արեւելքի մէջ բոլորն ալ, քրիստոնեայ թէ իսլամ, կը դիմագրաւեն արմատական եւ ծայրայեղական՝ կրօնամոլ շարժումներէ եկած բազմազան դժուարութիւններ: Խորհրդաժողովը չբաւարարուեցաւ միայն արաբական երկիրներու՝ քրիստոնեաներու պարագաները լուսարձակի տակ առնելով: Քննութեան նիւթ դարձան նաեւ Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեաներու դիմագրաւած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի բռնագրաւեալ հիւսիսային բաժնին մէջ թրքական գրաւման բանակի ծաւալած ազգային եւ կրօնական ՙմաքրազտում՚ի քայլերը, յատուկ կարեւորութեամբ շեշտելով, Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ կողքին, Հայ Առաքելական եւ Մարոնի եկեղեցիներու ու եկեղեցապատկան ստացուածքներու դէմ գործադրուած թրքացման հետեւողական ճիգերը: Խորհրդաժողովի քննարկումներուն ուշագրաւ մէկ այլ ուղղութիւնը եղաւ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի քրիստոնէական եկեղեցիներուն միջեւ Էքիւմենիք կապերու զարգացման ու խորացման հրամայականին վրայ կատարուած շեշտադրումը: Շեշտուեցաւ որ Քրիստոնեայ Եկեղեցիներն ու անոնց Հոգեւոր Պետերը կոչուած են աւելի կենսունակ հաւասարակշռութիւն հաստատելու տիրող իշխանութեանց եւ սեփական հօտին հետ յարաբերութեանց մարզին մէջ՝ Քրիստոսի ներշնչումով ՙԿայսեր բաժնին՚ չզոհաբերելու համար ՙԱստուծոյ բաժինը՚: Դատապարտուեցաւ իշխանութեանց հետ նոյնացումը, երբ ի վնաս է սեփական ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ ազատութեանց պաշտպանութեան: Հուսկ խորհրդաժողովը յանձնարարեց կազմակերպիչ յանձնախումբին, որ ժողովի այս մօտեցումներն ու սպասումները խտացնող բանաձեւ պատրաստէ եւ փոխանցէ պատկան բոլոր Եկեղեցիներուն, որոնք յառաջիկայ աշնան ուղղակի Եկեղեցիները ներկայացնող պատուիրակներու մասնակցութեամբ պիտի ունենան իրենց համագումարը՝ միեւնոյն օրակարգով:










All the contents on this site are copyrighted ©.