2011-07-02 12:52:46

Մարոնիներու Պատրիարք Ռայիի Կոչը Արտերկրի Լիբանանցիներուն.
Մայր Եկեղեցւոյ Հետ Իրենց Կապը Հզօրացնելու Համար։


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, Պքերքէի մէջ նախագահեց տարբեր գաղութներու մէջ մարոնի համայնքի զաւակներու միութիւններու ընդհանուր քարտուղարներու ժողովին` ներկայութեամբ այդ միութիւններու նախագահ, նախկին նախարար Միշել Էտտէի եւ տարբեր գաղութներուն մէջ ծառայող մարոնի առաջնորդներուն: Նիստին ընթացքին Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ արտերկրի մէջ ապրող մարոնի համայնքին կապերը պէտք է հզօրացնել իրենց մայր եկեղեցւոյ եւ Լիբանանի հետ: Ռայի պատրիարքը ընդունեց նաեւ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան տնօրէն զօր. Էտմոն Ֆատելը, ինչպէս նաեւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելը: Այս ծիրին մէջ պէտք է նշել, որ անդրադառնալով Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին արձակած նախնական ամբաստանութեան, նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ այդ որոշումին զուգահեռ գետնի վրայ ոչինչ պիտի արձանագրուի եւ երկրին ապահովական կացութիւնը պիտի մնայ կայուն, որովհետեւ ատիկա պարզապէս նախնական ամբաստանութիւն է եւ ոչ թէ վերջնական վճիռ:








All the contents on this site are copyrighted ©.