2011-07-02 12:51:50

Անկլիգան Եկեղեցին Աղօթք Մը Պատրաստած Է 2012ի Ողիմպիական Խաղերուն Համար։


Ի պատրաստութիւն 2012ի Ողիմպիական խաղերուն, որ տեղի պիտի ունենան Լոնտոնի մէջ, անկլգան եկեղեցին աղօթք մը շարադրած է ու արտասանուած 27-ամեայ մարզիկ Քրիսթին Օհուրուոկուի կողմէ։ Ան ընդգծած է հաւատքի կարեւորութիւնը եւ ներուժը մեր ամէն մէկ աշխատանքին մէջ։ Աղօթքը շարադրած է Գէմպրիճի համալսարանի մատրանապետ Քրիսթոֆեր Ուտս։ Անոր մէջ Աստուծոյ օգնութիւնը կը հայցուի կազմակերպիչներուն ու մարզիկներուն համար ու անկլիգան եկեղեցւոյ յատուկէն պատրաստած նախաձեռնութիւններուն, որուն նիւթն է. ''ոսկիէն աւելի''։








All the contents on this site are copyrighted ©.