Ազրպէյճան Վրաստանին Պիտի Փոխանցէ 575 Միլիոն Տոլար։
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Ազրպէյճան Վրաստանին պիտի յատկացնէ 575
միլիոն տոլարի վարկային միջոցներ` Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի նախագիծին ծիրին մէջ:
Գումարը նախատեսուած է երկաթուղիի Թիֆլիս-Ախալքալաք հատուածի վերանորոգման համար: Ըստ
երէկ կնքուած վարկային համաձայնագիրին, գումարը պիտի յատկացուի 25 տարիով` տարեկան 5
առ հարիւր տոկոսով: Միացեալ համակարգող կոմիտէն երէկ Պաքուի մէջ քննարկած է Ախալքալաքէն
մինչեւ Թուրքիոյ հետ սահմանին վրայ գտնուող Քարցախի երկաթուղային հատուածին կառուցման
հարցը: Նախահաշիւը ներկայացուցած է ազրպէյճանական «Ազերինշաաթսերվիս» ընկերութիւնը: Կը
նախատեսուի նաեւ քննարկել Պաքու-Թիֆլիս-Պոլիս ուղղութեան շահագործման համար սպանական
բարձրարագ շարժակազմի օգտագործումը: