2011-07-02 12:51:34

2011ի Մատրիտի Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուան Համար Շուրջ Կէս Միլիոն Արձանագրութիւններ Եղած Են։


Այս թիւը ինքնին անսովոր կը թուի, քանի որ երիտասարդները սովորութիւն ունին վերջին վայրկեանին յարիլ Համաշխարհային այս Օրուան, այսպէս յայտարարած է 28 յունիսին, կարտինալ Ռիլքօ` նախագահը աշխարհականներու քահանայապետական խորհուրդին ։ Այդ արձանագրութիւններէն ի յայտ կու գայ որ մասնակցող երիտասարդներուն՝ 285 հազարը եւրոպացի են, 88 հազարը ամերիկացի, 20,500-ը ասիայէն, 9,500 ափրիկեցի են, եւ 1,300 ովկիանեայէն։
Աւելցնենք որ Հալէպի հայ կաթողիկէ համայնքի ՜՜Զուարթնոց՝՝ ժողովրդապետութենէն 90 հոգի արձնագրուած է ներկայ ըլլալու Մատրիտի Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ հանդիպումին։ Այս օրուան կազմակերպութեան ու յաջողութեան համար 22,500 կամաւորներ արդէն գործի լծուած են։ Ըստ կարտինալ Ռիլքոյի՝ 14 հազար քահանաներ եւ 744 եպիսկոպոսներ կ'ընկերանան երիտասարդներուն։ Յայտնենք որ 2011ի Երիտասարդութեան համաշխարհային օրը տեղի կ'ունենայ Մատրիտ 16-21 օգոստոս, ներկայութեամբ՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին, որ Սպանիոյ մայրաքաղաք կը հասնի 19 օգոստոսին. եւ պիտի հանդիսապետէ բացօթեայ վերջին պատարագը Քուարդոս Վիենդոս օդակայանին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.