2011-07-01 13:37:14

‘L’Osservatore Romano’ Վատիկանի Կիսապաշտօն Օրաթերթին 150ամեակը Պիոս Թ.էն Մինչեւ Պենետիկտոս ԺԶ։


‘L’Osservatore Romano’ Քահանայապետին թերթը կը տօնախմբէ իր հիմնարկութեան 150 ամեակը։ Ս. Աթոռի կիսապաշտօն օրաթերթը լոյս տեսաւ մէկ յուլիս 1861ին եւ տարիներու ընթացքին Վատիկանի պատմութեան հետ յեղաշրջում կրեց սկսելով Պիոս Թ. Քահանայապետէն մինչեւ Պենետիկտոս ԺԶ. որը այչմ ներկայ է համացանցին կայքէջի վրայ։
‘L’Osservatore Romano’ լոյս տեսաւ Իտալիոյ թագաւորութեան հռչակումով 17 մարտ 1861-ին ունէր որպէս նպատակակէտ պաշտպանել Քահանայապետական պետութիւնը։ Պիոս Թ. քահանայապետը 26 յունիսին վաւերացուցած էր անոր հրատարակութիւնը։
Քահանայապետին թերթը հիմնուեցաւ իտալացի երկու փաստաբաններ՝ Նիքոլա Ծանքինիի եւ Ճիուզէփփէ Պասթիայի կողմէ։ երջանկայիշատակ Լեւոն ԺԳ Քահանայապետը 1885ին կը դառնայ տէրը թերթին որը կը հանդիսանայ Ս. Աթոռի հաղորդակցութեան մարմինը։
8 լեզուներով հրատարակութիւն - 1948ին ծնունդ առաւ Քահանայապետի թերթին իտալական շաբաթաթերթը, ապա անոր յաջորդեց ֆրանսական հրատարակութիւնը, որ ունէր որպէս աթոռ Իսսի լէ Մուլինօ-ն քաղաքը, ֆրանսայի մէջ։
26 յունուար 1951ին է որ Վատիկան եղան վերջնականապէս թերթին կեդրոնատեղին ։ 1968ին՝ լոյս տեսաւ անգլիական հրատարակութիւնը, որուն յաջորդեցին սպանական` 1969ին, փորթուկալերէնը`1970ին, գերմաներէնը 1971ին, լեհերէնը 1980ին եւ Հնդկաստանի Գերալա նահանգի մալայալամ բառբարով 2008ին։
Ներկայիս օրաթերթին տնօրէնն է պատմաբան եւ լրագրող իտալացի Ճիովաննի Մարիա Վիան, նշանակուած՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի կողմէ։
Անոր տնօրէնութեամբ Քահանայապետին թերթը դարձաւ աւելի հարուստ միջազգային ու մշակութային լուրերով եւ ունեցաւ համացանցի կայք մը՝ www.osservatoreromano.va.








All the contents on this site are copyrighted ©.