2011-07-01 13:37:35

Ռատիօ Վատիկանի 80-րդ Տարեդարձի առթիւ Ճանչնաք Ռատիօ Վատիկանի Յայտագիրները։
Այսօր կը խօսինք Վատիկանի Ձայնասփիւռի Անգլերէն Յայտագրի Մասին։


Անգլերէն լեզուով հաղորդումները Ռատիովատիկանի կարեւոր յատագիրներէն մին է։ Նշենք թէ Ռատիովատիկանի մէջ կը գործեն 44 լեզուով յատագիրներ։
Ռատիովատիկանի հիմնադրութենէն (1931) վեց տարի ետք, 2 Սեպտեմբեր 1937-ին, Վատիկանի ձայնասփիւրը սկսաւ սփռել նաեւ անգլերէն լեզուով։ Նոյն տարին Միացեալ Նահանգներու մէջ ֆրանքլին Ռուզվելթը երկրորդ անգամուայ համար նախագահ կ՛ընտրուէր, Անգլիոյ մէջ Գէորգ Զ.ի Թագադրութիւնը կը կատարուէր իսկ Վատիկանի մէջ Պիոս ԺԱ երկու կարեւոր շրջաբերականներ կը հրատարակէր մէկը Համայնավարութեան իսկ միւսը նացիական գաղափարականի դէմ։
Ասոնք էին ահա առաջին լուրերը որոնք եկեղեցական միւս լուրերուն հետ միասին կը սփռուէին անգլերէն լեզուով կարճ հաղորդումի միջոցաւ որուն պատասխանատուն էր Յիսուսեան հայր Էտուարդ Գոֆֆէյ։
Սկզբնական շրջանին անգլիական յայտագրի կէտնպատակն էր ՜՜աճեցնել Կաթողիկէ եկեղեցւոյ վերաբերեալ տեղեկութիւնները եւ միջազգային գետնի վրայ հասցնել սրբազան քահանայապետի ձայնը՝՝։
Յայտագիրը պատրաստուած <<լրատուական>> հաղորդումի ձեւի տակ կը ձայնասփռուէր անգլիախօս երկիրները. Միացեալ նահանգներ, Գանատա, Անգլիա, Իրլանտա, Փիլիպպեան կղզեխումբ, Աւստրալիա, եւ ափրիկեան անգլիախօս երկիրները։ Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին, անգլիական յայտագիրը Վատիկանի ձայնասփիւռի ուրիշ 3 յատագիրներու հետ միասին դատապարտեց կեդրոնացման ճամբարներու գոյութիւնը, մատնանշելով Պիոս ԺԲ. պապի խաղաղութեան ի նպաստ կոչեր։
Վատիկանեան Բ. Տիեզերական համաժողովի ընթացքին անգլիական յայտագրի արծարծած գործունէութիւնը, տուաւ անոր տեղեկատութեան միջնորդ մը ըլլալու բնոյթը եկեղեցւոյ ու աշխարհի միջեւ։ Իսկ 60ական թուականներուն երբ ափրիկեան երկիրները սկսան անկախութիւն պահանջել , անգլիական յայտագիրը ափրիկեան ցամաքամասի յատկացուած հաղորդաշար մը պատրաստել որ կը յղուէր տեղւոյն Ռատիոկայաններուն, որոնք իրենց կարգին կը վերասփռէին։

Այս շրջանին է որ անգլիական յատագիրը կը դառնայ ամէնօրեայ յատագիր 15 վարկեան տեւողութեամբ եւ կը հաղորդումները կը դառնան աւելի հարուստ։
1975-ի՝ Սուրբ տարուոյն առթիւ անգլերէնը մաս կազմեց <<քառաձայն>> տեղեկատուական հաղորդումին։ Փորձառութիւն մը որ ամրապնդուեցաւ 1991-ին, եւ 2000-ի Մեծ յոբելեանի ընթացքին՝ անգլերէն յայտագիրը իր մասնկացութիւնը բերաւ ուղիղ եթերով յատագիրներուն որոնք նշեցին նաեւ Ռատիովատիկանի անցքը դէպի նոր հազարամեայ։ մագնիսական ժապաւէններէն դէպի ընկերային համացանցի միջոցները փոփոխութեան կ՛ենթարկուին սակայն յոյսի` հաւատքի ու սիրոյ պատգամը կը մնայ միեւնոյնը մինչեւ վերջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.