2011-07-01 13:37:54

Մէկ շաբաթով յետաձգելէ ետք Ցեղասպանութեան հարցի քննարկումը՝ Քնեսէթի նախագահը համոզուած է թէ Իսրայէլ բարոյական պարտք ունի ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը .


«Այլ ազգերու դէմ գործուած ոճիրները ճանչնալու բարոյական պարտքը շատ աւելի կարեւոր է,
քան Թուրքիոյ հետ առժամեայ կապերու
պահպանումը» կը գրէ «Մաարիվ» թերթը անդրադառնալով նախագահ Ռիվլինի խօսքերուն

Հ.Յ.Դ. Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատու Յակոբ Սեւանը յայտնած էր, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման նախագիծի քննարկումը Իսրայէլի խորհրդարանին մէջ, որ տեղի պիտի ունենար Չորեքշաբթի, Յունիս 22ին, մէկ շաբաթով յետաձգուած էր:
Իսրայէլեան «Մաարիվ» թերթին մէջ հրատարակուած գրութիւն մը կÿանդրադառնայ Քնեսէթի (իսրայէլեան խորհըրդարանի) նախագահ Ռիվլինի խօսքերուն, թէ Իսրայէլ պէտք է ճանչնայ -իր իսկական անունը օգտագործելով- այլ ազգերու դէմ գործուած ոճիրները, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Նախագահը ըսած է թէ Իսրայէլի արժանապատուութեան հետ կապուած բարոյական հարց է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, որ հիմնականօրէն կապակցուած է միջազգային հանրութեան առջեւ Իսրայէլի ներկայացուցած պատկերով: «Շատ աւելի կարեւոր է, քան Թուրքիոյ հետ առժամեայ կապերու պահպանումը» կը գրէ թերթը:
Ձախակողմեան «Մերեց» կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ Քնեսէթի օրակարգին ներկայացուած բանաձեւը, նախապէս կրթութեան յանձնաժողով ուղարկուած էր. երեսփոխանները պաշտպանած էին քննարկումները շարունակելու որոշումը, ընդգծելով, որ Թուրքիոյ հետ Իսրայէլի յարաբերութիւնները պէտք չէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչնալու պատճառ դառնան:








All the contents on this site are copyrighted ©.