Ընկերվար Միջազգայնականի Միջին Արեւելքի հարցերով Յանձնախումբի Հաղորդագրութիւնը։
Ընկերվար միջազգայնականի Միջին Արեւելքի հարցերով յանձնախումբը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով
վերահաստատեց պաղեստինցի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին, ներառեալ` Արեւելեան Երուսաղէմը
մայրաքաղաք ունեցող պաղեստինեան պետութիւն մը ունենալու անոր իրաւունքին նկատմամբ իր
զօրակցութիւնը եւ վերահաստատեց «1967-ին սկիզբ առած» իսրայէլեան բռնագրաւումին վերջ տալու
իր յանձնառութիւնը: Յանձնախումբը պաղեստինեան եւ իսրայէլեան կողմերուն կոչ ուղղեց`
շարունակելու պաղեստինեան պետութեան մը առաջնորդող լուծումի մը հասնելու նպատակը հետապնդող
բանակցութիւնները, այլապէս յանձնախումբը պիտի զօրակցի 1967-ի սահմաններով եւ Արեւելեան
Երուսաղէմը իբրեւ մայրաքաղաք ունեցող Պաղեստինեան պետութեան ճանաչման եւ Պաղեստինի` ՄԱԿ-ին
անդամակցութեան: Ընկերվար միջազգայնականի միջին-արեւելեան հարցերով զբաղող յանձնախումբը
ողջունեց միջ-պաղեստինեան հաշտութեան համաձայնութիւնը, զոր խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան
համար կենսական նկատեց, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց պաղեստինեան ազգային միասնականութեան
կառավարութեան հետ համագործակցելու: