2011-06-30 13:53:37

Յունաստանի Խորհրդարանը Հաստատեց Խնայողական Միջոցառումներու Ծրագիրը։ Մինչ այդ Աթէնքի կեդրոնը քիմիական կազերու մէջ ՝՝կը խեղդուէր ՝՝ ։ Վիրաւորներու թիւը՝600։


Աննախադէպ բռնութեան դէպքեր տեղի ունեցան երէկ ալ Աթէնքի կեդրոնէն ներս, Սինտաղմայի հրապարակի շրջակայքին, երբ ոստիկանական ջոկատները «թոներով» կազեր արձակեցին համախմբուած ժողովուրդին դէմ:
Միաժամանակ,երէկ, կէսօրին խորհրդարանի դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ կառավարութեան տնտեսական օրինագիծի քուէարկումը, որ 155 քուէներ կեդրոնացուց,138 երեսփոխաններ ՈՉ քուէարկեցին խնայողական միջոցառումներու ծրագրին :Նախապէս վարչապետ Եորղոս Փափանտրէու խօսք առնելով խորհրդարանի բեմէն, կոչ ուղղած էր երեսփոխաններուն՝ թեր քուէարկել օրինագիծին, պարտադրելով կերպով մը «կամ թեր կը քուէարկէք, կամ կը կորսուինք» գաղափարը:
Այսօր Հինգշաբթի Յունաստանի խորհրդարանը դարձեալ հրաւիրուած է նոր քուէարկութիւն մը կատարելու, որ կը վերաբերի տնտեսական օրինագիծի գործադրութեան քայլերուն: Երեսփոխաններէն շատեր մտահոգութիւն կը յայտնեն, թէ օրինագիծով նախատեսուած քաղաքականութիւնը արդիւնք պիտի չբերէ: Համայնավար կուսակցութեան անդամները դէմ կանգնած են օրինագիծին, մինչ ԼԱՕՍ՝ հակառակութիւն յայտնած է եւրոպական եռեակի խիստ վերահսկողութեան դերին կապակցութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.