2011-06-30 12:28:57

Կրօնաբարոյական հարցեր


Կոչ Բարձրագոյն կեանքի մը
Քրիստոնէական կրօնը մեզի չ՛ուսուցաներ միայն թէ Աստուած ստեղծած է մարդը եւ զայն լծած է աշխատանքի տիեզերքի գործերուն մէջ. Ան կ՛աւելցնէ թէ նոյնինքն ստեղծիչ Աստուածը ծրագիր մը յղացած է որով կ՛ուզէ մարդը, խորհրդաւոր բայց իրական կերպով` իր իսկ աստուածային կեանքին մասնակից դարձնել, այն չափով որ սահմանափակուած արարած մը կրնայ զայն ապրիլ։
Եկեղեցին իր այս յանդուգն գաղափարը կը պաշտպանէ ընդդէմ երկու հոսանքներու. Մին մեկուսացողական հոսանքն է որ արարածը հեռու կը պահէ Արարիչէն. Միւսը` համաստուածութեան հոսանքն է, որ կը նոյնացնէ արարածը Արարիչին, միեւնոյն էակին մէջ։
Քրիստոնէութիւնը այն հոսանքն է որ ամենաշատ կը մօտեցնէ մարդկութիւնը Աստուծոյ, առանց սակայն զանոնք նոյնացնելու։ Ստուգիւ էական տարբերութիւնը Աստուծոյ եւ արարածին միջեւ միշտ կը մնայ, որովհետեւ Աստուած ոչ կը ցածնայ իր ինքնութենէն ոչ ալ փոփոխութիւն կը կրէ, մարդուն հետ յարաբերութեան մէջ մտնելով. Եթէ մարդը օգտուի այդ շնորհքէն եւ մասնակցի աստուածային կեանքին, կամ թէ եթէ մերժէ զայն եւ հեռու մնայ Աստուծմէ, Աստուած կը մնայ միշտ միեւնոյնը, անփոփոխ եւ յաւիտենական։ Նոյնպէս ալ մարդը` երբ Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ մտնէ, իր մարդկային բնութիւնը չի կորսնցներ, այլ կը մնայ ինչպէս որ է։
Արդ որովհետեւ այս նպաստը որ Աստուած կ՛ընէ մարդուն արժանի է յատուկ ուշադրութեան, քրիստոնէութիւնը անոր կու տայ շնորհք անունը, զոր կը կոչէ նաեւ սրբարար շնորհք, զանազանելու համար ուրիշ շնորհքներէ։ Ուստի շնորհքը մեր անձին բարձրացումն է, որ յառաջ կու գայ Աստուծոյ կեանքին հաղորդումէն մեզի։
Ոչ մէկ արարած կրնայ պահանջել որ իր բնութեան ուժով` մասնակից դառնայ աստուածային կեանքին։ Այս մասնակցութիւնը պարզապէս անվճար նպաստ մըն է տրուած Աստուծոյ կողմէ, շնորհք մըն է մարդկային արարածին։
Այս ներթափանցումը աստուածային կեանքին` մեր մէջ կը բերէ իր հետ խորունկ փոփոխութիւն մը մեր անձին, ճառագայթում մը որ, առանց փոխելու մեր բնութիւնը, անոր կու տայ նոր յատկութիւններ, զոր կարելի է կոչել գերմարդկային։ Ճիշտ ինչպէս երկաթը, որ հնոցին մէջ կը դրուի, բացառիկ յատկութիւններ կը ստանայ, ճկունութիւն, փայլ, բիւրեղացում, եւն… առանց սակայն ոչինչ կորսնցնելու իր բնութեան սովորական յատկանիշերէն ։
Որքան որ Աստուած կը բնակի մեր մէջ, սրբարար շնորհքը կը կոչուի սովորական. Իսկ որքան որ նոյն շնորհքը մեր մէջ անգործ չի մնար, այլ կը գործէ Աստուծոյ կամքին համեմատ, արտադրելով բարեգործութիւններ եւ առաքինութիւններ, կը կոչուի աժմէական եւ գործօն. Այսպէսով Աստուած մեր կեանքի զանազան րոպէներուն` մեզի կու տայ հարկաւոր ուժ իր կամքին համաձայն ընթանալու։
Այսպէսով` Աստուծոյ շնորհքին զօրութեամբ, մեր ամէն մի գործը կ՛ըլլայ աստուածա-մարդկային, ուստի եւ կը ստանայ յաւիտենական բնոյթ։ Հաւատարիմ ըլլալով Աստուծոյ կամքին եւ միշտ անոր համաձայն գործելով` մարդ կը պատրաստուի յաւիտենական տեւական կեանքին, ուր վերջնականապէս պիտի արժանանայ Աստուծոյ մտերմութեան։ Աստուած ինքզինք կու տայ մարդկութեան, որպէսզի զայն մղէ տակաւ առ տակաւ դէպի իրեն եւ, յետ այս աշխարհի անոր ընթացքի կատարումին, զայն հասցնէ երկնային ընտանիքի յաւիտենական երջանկութեան։ Աստուած համակ սէր է. Ան անհամբեր է մեզ ընդունելու երկնքի արքայութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.