2011-06-30 13:53:48

Երէկ Արցախի մէջ նշուեցաւ Հայրենիքի Նահատակներու Յիշատակը։


Երէկ Արցախի մէջ նշուեցաւ հայրենիքի համար նահատակուածներու եւ անյայտ կորածներու յիշատակը: Արցախի բնակիչները այցելեցին Ստեփանակերտի Յուշահամալիր, ծաղկեպսակներ զետեղեցին ազատամարտիկներու յուշարձաններուն առջեւ:
ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն կը յայտնեն, թէ Յուշահամալիր այցելած են նախագահ Բակօ Սահակեանը, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ Արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը, Ազգային ժողովի խօսնակ Աշոտ Ղուլեանը, Վարչապետ Արա Յարութիւնեանը, պաշտօնատար այլ անձեր, ինչպէս նաեւ հիւրեր Հայաստանէն եւ արդասահմանէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.