2011-06-29 12:41:21

Պետրոս Եւ Պօղոս Առաքելապետերու Տօնին Առիթով Կարգ Մը Տեղեկութիւններ Անոնց Կեանքին Ու Գործունէութեան Մասին։


Պետրոս Առաքեալ - Պետրոս առաքեալ Քրիստոսի աշակերտներուն մէջ եղաւ ամէնէն խիզախ եւ համարձակ աշակերտը, որ քաջութեամբ առաջին անգամ ըլլալով դաւանեցաւ Քրիստոսը, որպէս՜՜ՙԿենդանի Աստուծոյ Որդին՝՝ եւ անոր համար ալ կոչուեցաւ ՜՜ՙԿեփաս՝՝ որ ժայռ կը նշանակէ, եւ խորհրդանիշն է քրիստոնեայի ամուր հաւատքին, որու վրայ Քրիստոս իր եկեղեցին պիտի կառուցէ:
Պետրոս նաեւ մեծ դերակատարութիւն կ’ունենայ Գործք Առաքելոց գրքին սկիզբը, որպէս գլխաւորը Եկեղեցւոյ: Ան ունի նաեւ ընդհանրական երկու նամակներ, որոնց մէջ կը քաջալերէ քրիստոնեաները որ Քրիստոսի նման տոկան հալածանքներուն եւ կառչած մնան Աստուծոյ հանդէպ իրենց ունեցած ճշմարիտ հաւատքին:
Աւանդութեան համաձայն Պետրոս կը նահատակուի Հռոմի մէջ, գլխիվայր խաչուելով եւ անոր գերեզմանին վրայ կը կառուցուի իր անունով հոյակերտ եկեղեցի մը:
Պօղոս Առաքեալ - Քրիստոսի Յարութենէն ու Համբարձումէն ետք ընտրուած առաքեալը՝ Պօղոս առաքեալ, եղաւ քրիստոնէութիւնը տարածող եւ քարոզող մեծագոյն առաքեալը: Պօղոս առաքեալի նամակները Նոր Կտակարանին մէջ, թիւով ‎14 հատ են: Պօղոս առաքեալի կատարած երեք ճամբորդութիւններուն մասին կը պատմէ Գործք Առաքելոց գիրքը, ուր հեղինակը ներկայացնելով Պօղոսի վերջին ճամբորդութիւնը դէպի Հռոմ, կը փակէ գիրքը: Աւանդութեան համաձայն, Պօղոս կը հասնի մինչեւ Սպանիա եւ ապա վերադառնալով Հռոմ այնտեղ սուրով կը նահատակուի:








All the contents on this site are copyrighted ©.