2011-06-29 12:41:37

Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը Ընդունելով Կ.Պոլսոյ Պատուիրակութիւնը, Յոյս Կը Յայտնէ Որ Կատարեալ Միութիւն Հաստատուի Կաթողիկէներու Եւ Օրթոտոքսներու Միջեւ։


Իր գրասենեակին մէջ ընդունելով Կ.Պոլսոյ պատուիրակութիւնը, որ Հռոմ կը գտնուի մասնակցելու ս. Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին, Նորին Սրբութիւնը իր արտասանած ճառին մէջ ըսաւ. աստուածաբանական երկխօսութեան ընթացքը, կաթողիկէներու եւ օրթոտոքսներու միջեւ , կապուած է նիւթերու բարդոյթէն։ Այս նիւթերը կը պահանջեն ուսումնասիրութեան ու խորհրդածութեան արտակարգ ճիգ, ըսաւ Սրբազան հայրը յարելով թէ ''հաղորդութիւնը'' երկու եկեղեցիներու միջեւ պէտք է աճի մինչեւ որ հասնի տեսանելի կատարեալ միութեան։
Յայտնենք որ 2010-ի Վիենա գումարուած խառն յանձնախումբի աշխատանքը չկարողացաւ հրապարակել միացեալ վաւերաթուղթ մը ''Պապին դերը եկեղեցւոյ հաղորդութեան մէջ- քրիստոնէութեան առաջին հազարամեակը'' նիւթին մասին։
Աստուածաբանական խառն յանձնախումբը ներկայիս կ'ուզէ կեդրոնանալ աստուածաբանական էական հարցերու վրայ։ Սրբազան Քահանայապետին գնահատումով՝ այսօրուան մարդը կ'ապրի բռնութեան, անտարբերութեան, եսապաշտութեան պատմական շրջագիծին մէջ։ Միացեալ վկայութիւն տալով Աւետարանի ճշմարտութեան մասին, առիթ պիտի ընծայուի մարդուն գտնելու դէպի ճշմարտութիւնը առաջնորդող ճանապարհը։ Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց որ ճշմարտութեան փնտռտուքը միաժամանակ փնտռտուքն է արդարութեան եւ խաղաղութեան։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը վերակոչեց յառաջիկայ հոկտեմբերին քրիստոնեայ եղբայրներու հանդիպումը աւանդական այլ կրօններու, մտաւորական ու մշակոյթի աշխարհի անձնաւորութիւններու հետ։ Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 27 հոկտեմբերին Իտալիոյ Ասիզի քաղաքին մէջ։ Համոզուած եմ, ըսաւ Նորին Սրբութիւը որ այդ հանդիպումը պիտի ըլլայ շօշափելի նշան մը, շարունակելու՝ ճանապարհը երկխօսութեան ու եղբայրակցութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.