2011-06-29 12:53:55

Գերմանիոյ Եկեղեցւոյ Պատգամը՝ Երկրին Ընկերային Հարցերու Մասին։


Գերմանիոյ եպիսկոպոսները կը խնդրեն ընկերութեան վերանորոգումը, հաստատուած՝ Եկեղեցւոյ ազատութեան սկզբունքի վրայ։
40 էջնոց վաւերաթուղթին մէջ, եպիսկոպոսները քաղաքական դրական առաջարկներ կը ներկայացնեն նեցուկ կենալու ընտանիքին ու բարձրացնելու հարկերը մեծահարուստներուն համար ։
Միւնիխի կարտինալ Ռեյնհարտ Մարքս, որպէս նախագահը ընկերային հարցերու, մամուլին ներկայացուց վաւերաթուղթը , որուն բնաբանն է .''Բախտերու հաւասարութեան ընկերութիւն մը, տիպար ազատական համակարգի'', անիկա կը մատնանշէ որ ներկայիս բոլորին համար բարօրութեան պայմաններու գաղափարը կորսուած է, այս պատճառաւ հարկաւոր է ի յայտ դնել բախտերու հաւասարութեան գաղափարը որ պէտք է առաջնահերթ նկատուի գերման ընկերութեան մէջ։ Ազատութեան գաղափարը պէտք է հանդիսանայ չափանիշը ընկերութեան, իւրաքանչիւր անհատ պէտք է կարելիութիւն ունենայ վայելելու իր ազատութիւնը։
Այս ուղղութեամբ եպիսկոպոսները դրական բարեփոխումներ կ'առաջարկեն
զանազան մարզերու մէջ։ Հարկաւոր կը նկատեն, օրինակի համար մանկամսուրներու անվաճառ ստեղծումը, նաեւ՝ նիւթական օգնութիւն տալ անկար զաւակներ ունեցող ընտանիքներուն։










All the contents on this site are copyrighted ©.