2011-06-28 12:35:34

Վատիկանի Ռատիոկայանի Տնօրէն՝ Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը։
՜՜Սուրբ Հաղորդութիւնը եւ Համաշխարհականացում՝՝


Հայր Լոմպարտի այս շաբթուայ խմբագրականը կը նուիրէ Սուրբ Հաղորդութեան եւ Համաշխարհականացումի նիւթերուն, հասնելով այն եզրաբանութեան որ Սուրբ Հաղորդութիւնը Համաշխարհային Սիրոյ նշանն է։

Հայր Լոմպարտին խմբագրականին մէջ կը գրէ որ Սուրբ հաղորդութիւնը կը մեկնի Սուրբ երրորդութեան սիրոյ զօրութենէն ու մեզի կը հասնի Քրիտոսի սրտին միջոցաւ։ Սուրբ Հաղորդութիւնը սիրոյ իսակական ուղին է որ կը տարածուի եկեղեցւոյ ու աշխարհի մէջ, աղբիւրն է որ սնունդ կու տայ եկեղեցւոյ, ապրելու՝ ընկերային ասպարէզէն ներս ու յանձնառութիւն է ամէն քրիստոնեայի կառուցելու <<արդար, եղբայրասէր, ու զօրակից ընկերութիւն մը>> մանաւանդ այս համաշխարհակայնացած ժամանակաշրջանի ընթացքին, ու հարկ է՝ ի յայտ բերել իսկական սիրոյ իմաստը զայն ձերբազատելով ՜՜կորուստէ, շփոթութենէ եւ եսասիրութենէն՝՝ ։
Հայր Լոմպարտին ապա կ՛անդրադառնայ Նորին Սրբութեան Սուրբ Հաղորդութեան գլխաւորած արարողութիւններուն ուր - կը գրէ Լոմպարտին- սրբազան Քահանայապետը յատուկէն աղօթեց Սուրբ Նշխարի առջեւ երկրպագելով եւ այս առթիւ ըսաւ << մենք կը քալենք աշխարի ճամբաներու վրայ, առանց իքնախաբէութեան գաղափարախօսութիւններու, մեր մէջ տանելով Տիրոջ մարմինը...նայելով դէպի նոր աշխարհ մը` մեր հայրենիքը, ուր կը տիրէ խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը։
Հաւատքի մէջ մարդկային` պատմական եւ տիեզերքի իրողութիւնները իրար մէջ կը ձուլուին։ Սուրբ Հաղորդութիւնը բոլորին բարիքին համար եղած է, որպէսզի ամէն բան գտնէ իր իսկական իմաստն ու փրկութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.