2011-06-28 12:33:08

Կարտինալ Էչիկարայ Ընդունուեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետէն։


Կարտինալ Էչիկարայ՝ երբեմնի Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդի նախագահը, 27 յունիսին հանդիպում ունեցաւ Սրբազան Քահանայապետին հետ հաղորդելու անոր անցեալ 9-15 յունիս Սանտ-Պետերբուրկ կատարած այցելութեան մասին տեղեկութիւններ։
Կարտինալ Էչիկարայ Ռուսիա գացած էր ընդառաջելով օրթոտոքս եկեղեցւոյ հրաւէրին։ Իր կեցութեան ընթացքին Կարտինալը հանդիպում ունեցաւ քաղաքի առաջնորդ Մեթրոպոլիտ Վլատիմիրի հետ` Պատարագ մատոյց Պենետեկոստէին օրը Սրբուհի Կատարինէ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ եւ այցելփց կաթողիկէ ընծայարանը։
Ծիրանաւորը` այս առթիւ մետրապոլիտ Վլատիմիրին յանձնած է եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` կարտինալ Գուրդ Գոխի նամակը, որով կ՝ընդգծէ Վատիկանեան Բ. տիեզերական ժողովին կարեւորութիւնը կաթողիկէ եւ օրթոտոքս եկեղեցիներու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացումին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.