2011-06-28 12:37:50

News.va Նոր Լրատուական Կայքէջ


Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին ու Սրբազան Քահանայապետի քահանայութեան 60 ամեակի առթիւ, Վատիկանի Ընկերային Հաղորդակցութեան միջոցներու խորհուրդի ջանքերով՝ լոյս կը տեսնէ նոր լրատուական կայքէջ մը, որուն առաջին "clic" ը նոյնիքն սրբազան քահանայապետը պիտի գործադրէ։ Այս Նոր կայքէջի նպատակակէտն է միատեղ հաւաքել Վատիկանի զանազան լրատուամիջոցներու կարեւորագոյն լուրերը, ինչպէս - Օսսէրվաթորէ Րոմանօ, Րատիօվատիկան, հեռուստատեսիլի կայան, CTV եւայլն։ News.va կայքէջի պաշտօնական ներկայացումը կատարուեցաւ երկուշաբթի 27 յունիսին Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի ՅՊԲ.ի անուան սրահին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.