2011-06-27 13:24:14

Մամլոյ Ասուլիս։ Նոր Կայքէջ Եւ Մատրիտի Երիտասարդութեան 25րդ Համաշխարհային Օր։


Երկուշաբթի 27 յունիս 2011-ի՝ առաւօտեան ժամը 11.30-ին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի ՅՊԲ.ի անուան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ներկայացումը Վատիկանի նոր կայքէջին՝ news.va. հասցէով։ Ելոյթ ունեցան ի մէջ այլոց, Քահանայապետական ընկերային հաղորհակցութեան միջոցներու խորհուրդի նախագահը՝ Գերապայծառ Գլաուտիօ Մարիա Չէլլի, Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակի Տնօրէնը՝ Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի, Օսսէրվաթորէ Րոմանոյի Տնօրէնը՝ Փրօֆ Ճովաննի Մարիա Վիան։


Երեքշաբթի օրը, առաւօտեան միշտ ժամը 11.30-ին, Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակին մէջ, տեղի կ՛ունենայ Մատրիտի Երիտասարդութեան 25րդ Համաշխարհային օրուայ ներկայացումի Մամլոյ Ասուլիսը։ Երիտասարդութեան 25րդ Համաշխարհային օրը տեղի կ՝ունենայ Մատրիտի մէջ յառաջիկայ 16 - 21 օգոստոս։








All the contents on this site are copyrighted ©.