2011-06-27 13:24:56

Կ.Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան Պատուիրակութիւնը Հռոմ Կը Հասնի Մասնակցելու Ս. Պետրոս Եւ Պօղոս Առաքելապետերու Տօնին ` Աւանդութիւն Մը Որ Աւելի Քան 40 Տարիէ Կը Գոյատեւէ Հռոմի Աթոռի Եւ Կ.Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան Միջեւ։


Կ.Պոլսոյ պատուիրակութիւնը 28 յունիսին հանդիպում կ'ունենայ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հետ։ Յաջորդ օրը 29 յունիսին` տօն Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերուն, Կ.Պոլսոյ պատուիրակութիւնը կը մասնակցի Ս. Պետրոս տաճարի մէջ Սրբազան Քահանայապետի մատուցելիք պատարագին։
Կ.Պոլսոյ պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ մետրապոլիտ Էմմանուէլ` տնօրէնը Փարիզի Կ.Պոլսոյ պատրիարքութեան գրասենեակին։
Հռոմ կեցութեան ընթացքին պատուիրակութիւնը նաեւ հանդիպում կ'ունենայ Եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի պատասխանատուներուն հետ։
Յայտնենք որ Հռոմի Աթոռի եւ Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան միջեւ պատուիրակներու փոխանակումը սկիզբ առաւ 1969ին, Եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` կարտինալ Վիլլեպրանտսի Իսդանպուլ կատարած այցելութեամբ, Ս. Անդրէասի տօնին` պաշտպան սուրբը Կ.Պոլսոյ պատրիարքութեան







All the contents on this site are copyrighted ©.