Շաբաթ 25 յունիսէն մինչեւ 2 յուլիս, Մակի պարենամթերային եւ գիւղատնտեսական կազմակերպութինը
(FAO ը՝) Հռոմի մէջ գումարեց իր 37-րդ համաժողովը որուն ընթացքին նախատեսուած էր FAO
ի ընդհանուր նոր տնօրէնի ընտրութիւնը յունուար 2012 - յուլիս 2015 շրջանին համար։ Կիրակի
26 յունիսի ընտրական քուէարկութեան աւարտին պրազիլցի Խօսէ Կրացիանօ Տա Սիլվան ստանալով
92 ձայն՝ ընդհանուր 180-ի վրայ, ընտրուեցաւ որպէս FAO ի՝ նոր տնօրէն։ Խօսէ Կրացիանօ
Տա Սիլվան եղած է Պրազիլի սննդառութեան արտակարգ նախարար ու պատասխանատուն <<զէրօ անօթութիւն>>
ծրագրին։ 2006 էն ի վեր FAO ի՝ մէջ կը պաշտօնավարէր որպէս Լատինա Ամերիկայի ներկայացուցիչ
ու Ընդհանուր Տնօրէնի տեղապահ։ Ան ծնած է 17 նոյեմբեր 1949-ին (բնիկ իտալացի է)
ամուսնացած է ` ունի երկու զաւակ եւ երկու թոռնիկներ։ Սահուն կերպով կը խօսի Անգլերէն`
Սպաներէն եւ Բորթուկալերէն։ Խօսէ Կրացիանօ Տա Սիլվան կը հանդիսանայ FAO ի 8-րդ Տնօրէնը.
ան կը յաջորդէ Սէնէկալցի Ժագ Տիուֆին։
Նշենք որ Մակի Պարենամթերային ու Գիւղատնտեսական
Կազմակերպութիւնը հիմնուած է 1945-ին, Գանատայի Քէպէք նահանգին մէջ։