2011-06-27 16:19:51

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Կոչ Կ՛ուղղէ Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Ջանքերը Շարունակելու։



ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աուտրոնիուս Աժուպալիս` անդրադառնալով Քազանի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հերթական հանդիպումին, կոչ ուղղած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ջանքերը շարունակելու:

ԵԱՀԿ-ի պաշտօնական կայքէջին վրայ զետեղուած հաղորդագրութեան համաձայն, Աժուպալիս կարեւոր նկատած է զինադադարի դրութեան ամրապնդումը եւ կոչ ուղղած է ամրապնդելու փոխադարձ վստահութիւնը` քաղաքացիական հասարակութեան ներգրաւմամբ, ինչ որ քննարկուած է մարտ ամսոյն Հայաստան եւ Ազրպէյճան կատարած իր այցելութեան ընթացքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.