2011-06-25 12:16:49

Սան Բիդրպուրկի Մէջ Սուրբ Հաղորդութեան Պատմական Թափօր


Կիրակի 26 յունիսին Սան Բիդրպուրկի <<բրոսբէթթիվա նէվսգիի>> պողոտայի վրայ տեղի կ՛ունենայ սուրբ հաղորդութեան նուիրուած թափօրը։ Այս արարողութիւնը դադրած էր 1918 ի վեր, եւ այժմ՝ 93 տարի ետք, քաղաքապետարանի պաշտօնական արտօնութեամբ կաթողիկէ եկեղեցին դարձեալ կը կազմակերպէ պաշտամունքի այս արարողութիւնը որուն կը նախագահէ Մոսկուայի Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Բաօլօ Բէցցին։ Նշենք թէ <բրոսբէթթիվա նէվսգիի>> պողոտան ճանչցուած է նաեւ որպէս կրօնական հանդրժողութեան պողոտայ որով հոն կը գտնուին օրթոտոքս, կաթողոկէ, լուտերական եւ հայ եկեղեցիները։








All the contents on this site are copyrighted ©.