2011-06-25 11:57:33

Կ.Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան Պատուիրակութիւնը Հռոմի Մէջ։


Ս. Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առթիւ։
28 յունիսին տեսակցութիւն կարտինալ Քիւրտ Գոշի հետ ։
Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ՝ ֆրանսայի մետրապոլիտ Էմմանուէլին` տնօրէնը Եւրոպական Միութեան օրթոտոքս գրասենեակին, Հռոմ կը հասնի մասնակցելու 29 յունիսին՝ Ս. Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնակատարութեանց ։ Նախօրեակին Կ.Պոլսոյ պատուիրակութիւնը հանդիպում կ'ունենայ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հետ եւ ապա տեսակցութիւն` կարտինալ Քիւրտ Գոշի հետ, նախագահը՝ քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին։
Յայտնենք թէ աւանդութեան համաձայն պատուիրակութիւնը ներկայ կը գտնուի Սրբազան Քահանայապետի մատուցած պատարագին։








All the contents on this site are copyrighted ©.