Շաբաթ 25 Յունիս 2011-ին, Հայ Եկեղեցին կը յիշատակէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի՝ խոր վիրապէն
ելլելու տօնը, այդ օրը նաեւ Խոր Վիրապ վանքի ուխտի օր է։ Ուխտագնացութիւն կազմակերպուած
է Մայր Աթոռի տեսչութեան կողմէ.առաւօտեան ժամը 10.30-ին Խոր Վիրապի վանք կը տարուին Ս
Գրիգոր Լուսաւորչի մասունքները, 11-ին՝ կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ, որմէ ետք կը կատարուի
Սուրբ մասունքներով յատուկ օրհնութեան արարողութիւնը։ Ս Լուսաւորչի մասունքները հաւատացեալին
համար վանք կը մնան մինչեւ նոյն օրուայ երեկոյեան ժամերգութեան աւարտը՝ ժամը 18-ին։