2011-06-24 13:18:51

Յիսուսի Մարմնոյ Եւ Արեան Տօնին Իր Արտասանած Քարոզին Մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Ըսաւ Որ Քրիստոնեաները Պատասխանատուութիւնն Ունին Զօրավիգ, Արդար Ու Եղբայրասէր Ընկերութեան Մը Կառուցման։


Հինգշաբթի 23 յունիսին՝ Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հանդիսաւոր պատարագ մատուցեց լատերանեան պազելիքայի մէջ։ Իր արտասանած քարոզին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց Եկեղեցւոյ դերը ընկերութեան մէջ։ Առանց Աստուծոյ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, մարդկային ազգը կը կորսնցնէ իր միութիւնը, խառնաշփոթութեան կը մատնուի ու թիրախ կը դառնայ անհատապաշտութեան ու փոխադարձ հարստահարումի։ Եկեղեցւոյ ընկերային ներկայութիւնը պտուղն է ամենասուրբ հաղորդութեան, որ իրարու կը միացնէ բոլոր քրիստոնեաները։ Ներկայիս, աշխարհականացումի հետեւանք մարդիկ մէկը միւսէն կախեալ են, սակայն քրիստոնէութիւնը կարող է եւ պարտական է որ այս միութիւնը չկառուցուի առանց Աստուծոյ, այսինքն առանց ճշմարիտ սիրոյ։
Ապա Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց թէ Աւետարանը միշտ քարոզած է մարդկային ազգին միութիւնը։ Այս միութիւնը պէտք չէ պարտադրուի վերին իշխանութենէն եւ ոչ ալ շահերէ, այլ պէտք է ունենայ որպէս հիմ իրար զիրար պաշտպանելու զգացումը։ Քրիստոնէութեան մէջ կախարդական ոչ մէկ բան գոյութիւն ունի, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը պազելիքայի մէջ խռնուած հաւատացեալներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.