Հայաստանի «Ար-մաւիա» օդանաւային ընկերութիւնը իր ծառայութիւնները ծանուցելու համար դիմած
է համաշխարհային ճանաչում ունեցող ֆրանսացի դերասան Ժերար Տեփարտէոյին, որ նկարահանուած
է այդ ընկերութեան նոր ձեռք ձգած «Սուխոյ Սուփըրճէ»չ 100 օդանաւի գովազդին մէջ: Դերասանը
հետեւած է նոր օդանաւի թռիչքին եւ տպաւորուած է անկէ: Ներկայիս Տեփարտէօ կը նկարահանուի
«Արմաւիա»ի գովազդին մէջ՝ Փարիզի թռիչքային սրահին մէջ: Յիշեցնենք, որ առաջին «Սուխոյ
Սուփըրճէ»չ 100 օդանաւը հայկական «Արմաւիա» ընկերութեան տրուած է այս տարուան Ապրիլ 19ին:
Ընկերութեան օդանաւին համար վճարած է 24 միլիոն տոլար: «Սուխոյ Սուփըրճէ»չ 100ը նախատեսուած
է 1,5-2 ժամ տեւող թռիչքներու համար: Անիկա թռիչքներ կը կատարէ Երեւանէն Մոսկուա, Սոչի
եւ Ուքրանիոյ քաղաքներ: