2011-06-24 12:46:38

Զուիցերիոյ Եպիսկոպոսները Կոչ Կ'ուղղեն Հաւատացեալներուն Որ Առատաձեռնութեամբ Մասնակցին Ս. Պետրոսի Դրամահաւաքին, 26 Յուլիս 2011ին։


Այս կոչով Զուիցերացի եպիսկոպոսները կը յիշեցնեն որ Սրբազան Քահանայապետը յատուկ պարտականութիւն ունի երաշխաւորելու միութիւնը աշխարհի բոլոր կաթողիկէներուն, եւ իր այս առաքելութիւնը կատարելու համար կարիքը ունի բոլոր հաւատացեալներու նեցուկին։
Ս. Պետրոսի համար դրամահաւաքը կարելիութիւն կու տայ Սրբազան Քահանայապետին օգնութեան հասնելու բարեսիրական բոլոր մարմիններու ու Ս. Աթոռի զանազան գործունէութիւններուն։ Նոյնպէս օգնութեան կը հասնի կարիքաւոր բոլոր թեմերուն եւ ընչազուրկերուն։ Շնոհիւ այդ դրամահաւաքին, Սրբազան Քահանայապետը կարելիութիւն կ'ունենայ օգնութեան հասնելու Արեւելեան Եւրոպայի, Ափրիկէի, Ասիայի ու Ծայրագոյն Արեւելքի բոլոր քրիստոնեաներուն, առանց մոռնալու Միջին Արեւելքի ու Ս. Երկրի քրիստոնեաները։ Անտիոքի Ս. Ինգնատիոս կ'ըսէր թէ Ս. Պետրոսի Աթոռը միշտ եղած է եղբայրօգնութեան գլուխը։








All the contents on this site are copyrighted ©.