2011-06-23 12:51:14

Սրբազան Քահանայապետը Ողջունեց Ամերիկացի Ռաբունապետ Արթիւր Շնեյէրը


22 յունիսի ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց ամերիկացի ռաբունապետ Արթիւր Շնեյէրը, անձնաւորութիւն մը ճանչցուած որպէս միջկրօնական երկխօսութեան ախոյեան Նիւ-Եորքի մէջ , եւ պատասխանատուն է Բարք Ուէսդ սինակոկին։
Յայտնենք որ 18 ապրիլ 2008-ին՝ ան իր սինակոկին մէջ ընդունած էր Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով որ ''ժամանակաշրջանի մը մէջ կ'ապրինք, ուր կրօնքը սխալ կերպով գործածուած է կարգ մը խմբակներու կողմէ, պէտք է որ միասին կրկնապատկենք մեր յանձնառումը, բուժելու՝ մեր կոտորած աշխարհը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.